Խառն

Մարիմպա: Ayberk Garagon
Կոնտրաբաս: Aydın Balpınar
Տենոր Սաքսոֆոն: Özgün Tuncer
Ջութակ: Seçil Işıksoy
Կիթառ: Mehmet Korkmaz
Շեփոր: Efe Gazi
Drums: Till Menzer
Դաշնամուր, Ակորդեոն, Աւետիմպա: Avedis Özdemir
Synthesizers: Avedis Özdemir

Recording & Mix: Can Şeren, Avedis Özdemir, Can Akın
Mastering: Kıvılcım Konca

Cover Art: Arel Demircioğlu
Cover Photo: Chiara Toso

Ալպումիս նպատակը որոշ շրջան մը ապրածներուս ազդեցութեամբ պատմել էր Իսթանպուլը։ Բարձր ուսման ընթացքին ապրումս և ճամբորդութիւններս վերակենդանացնել էր։

‘Beyazıt’՝ը Կրնաք մտիկ ընել վինիլային ձայնագրություննեն։ Սեղմեք այստեղ։

Intro
Ալպումի առաջին երաժշտւթեան կտորին նիւթը՝ դժուար օրուայ մը պատրաստութեան ժամանակահատուածն է։ Ասոր նշանն է՝, երաժշտութեան զկիզբը նուակարաններուն պատրաստւթեան ձայները, ինչ պէս՝ ագորտէոնի փքոցին և յօդուածներուն ու ջութակին լարման ձայնը։
Վերջին ըլլալով հազի ձայն մը կ՛իմանանք որ ան ալ, Yenikapı կտորին (չափ-կշռոյթ) ռիթմ տուող ոկալիստին պատրաստութիւնը կը նշանակէ։

Yenikapı
Ալպումի մէջ տեղի ունենալուն պատճառն է՝ քաղաքին կառափոխման կեդրոնը ըլլալ։
Goddfrey Reggio՝ին  Koyaanisqatsi ֆիլմին մետրօյի բաժինը զգացամներուս հետ նմանութիւնները շատ են։ Երաժշտւթեան 14/8 և 7/4 նոց անսովոր ռիթմներուն հետ կայարանին անհասարակ խառնակութիւնը նշա նակել ուզեցի։ Վերջերուն մօտ բարձրացող ռիթմն ալ կայարանին մօտեցող մետրօյին լրաբերն է։

Beyazıt
Ուր ալպումին երկրորդ գաւառը՝ թէ համալսարանի տարիներս անցուցի և թէ ամռայ մը տեւողութեան թ-շէօրթի վաճառորդ ըլլալով աշխատեցայ։ Beyazıt՝ը մէկ կողմէն կը հմայեր ինծի իսկ մէկ կողմէն ալ սարսափելի էր։ Որովհետեւ գիշերները աղբերով ծածկուած փողոցներուն հետ, այս հրապուրիչ պատմական շրջակայք և շինութիւնները հակապատկեր էին։ Հետեւաբար թաղին երկու դիմագիծերուն վրայ աշխատելով ցցնելու ջանացի։
Յօրինումի ընթացքին միտքս զբաղած էր ժ “կոյուղի” բառը, անոր հետեւանքով PVC խողովակներէն պատրաստեցի նուագարան մը՝ անունը կոչեցի Avedimba։ PVC խողովակները կը հեռացներ կոյուղին և թէ շատ աղուոր ձայն կ՝արտադրեր ճիշդ Beyazıt՝ի երկդիմիի նման։

Epilog
Epilog՝ի յօրինման նպատակն էր, ամենօրեայ կեանքի միօրունակութեան զգացումին նշել։ Շատ հանդարտ եղանակով մը կ՝սկսի, անոր հետեւող arpej’ ները երաժշտութեան կտորները կը միացնէ, և տեւական կրկնելով միօրինակութեան զգացման կը շեշտէ։
Երաժշտութեան տեւողութեան յանկարծական ռիթմի փոփոխութիւններն ալ՝, ծնունդ, մահ և սուգի նման մեր վրայ ձգած ազտեցութիւնները կը ցուցնէ։